Գիրքը կը բովանդակէ չորս հեքիաթներ՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Շունն ու կատուն» «Սուտլիկ որսկանը», Ղազարոս Աղայեանի «Մրջիւնն ու լուն»,«Մեղուն ու աղաւնին», որոնց հերոսները կերտուած են գունագեղ պլաստիլինէ: Սիրուած հեքիաթներու ընթերցումէն բացի՝ փոքրիկները կրնան ինքնուրոյն կերտել հերոսները, ինչ որ կը զարգացնէ անոնց մտածողութիւնը, երեւակայութիւնը, ձեռքի շնորհքը՝ բացայայտելով անոնց արուեստագէտի ձիրքերը: