Դատարկութեան զօրութիւնը

Հեղինակ՝ Նորայր Շահինեան Հրատարակչութիւն՝ Արաս Տարեթիւ՝ 2015 200 էջ 30 x 20 սմ 60 եւրօ ՆՈՐԱՅՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆ Ծնած է 1979-ին Պրազիլիոյ Սաօ Փաօլ քաղաքը, Ուրֆացի, Մարաշցի, Իսկենտերունցի եւ Քեսապցիներէ բաղկացած ընտանիքի մէջ : Լուսանկարչութեան հանդէպ սէրը կու գայ մեծ հօրմէն, Աւետիս Շահինեանէն, ով Մարաշէն գաղթելէ ետք, հաստատուած է Հալէպ, եւ հիմնած Սթուտիօ Ֆօթո Շահինեան արուեստանոցը […]

Դասական հերոսներ

Գիրքը կը բովանդակէ չորս հեքիաթներ՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Շունն ու կատուն» «Սուտլիկ որսկանը», Ղազարոս Աղայեանի «Մրջիւնն ու լուն»,«Մեղուն ու աղաւնին», որոնց հերոսները կերտուած են գունագեղ պլաստիլինէ: Սիրուած հեքիաթներու ընթերցումէն բացի՝ փոքրիկները կրնան ինքնուրոյն կերտել հերոսները, ինչ որ կը զարգացնէ անոնց մտածողութիւնը, երեւակայութիւնը, ձեռքի շնորհքը՝ բացայայտելով անոնց արուեստագէտի ձիրքերը:

Առակներ

Հատորին մէջ կը մտնեն Աթաբեկ Խնկոյեանի երեխաներու կողմէ սիրուած առակները՝ «Մուկերու ժողովը», «Խոզն ու ագռաւը», «Նապաստակները», «Գայլն ու գառնուկը», որոնց հերոսները կերտուած են գունագեղ պլաստիլինէ: Բացի սիրուած առակներու ընթերցումէն՝ երեխաները կրնան ինքնուրոյն կերտել հերոսները, ինչ որ կը զարգացնէ անոնց մտածողութիւնը, երեւակայութիւնը, ձեռքի շնորհքը՝ բացայայտելով անոնց արուեստագէտի ընդունակութիւնը: